2013-11-23 12:54:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը` Հանդիպում Առողջապահական Խնամատարներու Քահանայապետական խորհուրդի` 28-րդ միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։


Շաբաթ, 23 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Մարք Ուելլէն, ապա ժամը 11,30-ին, Գլեմենդինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպական Ողիմպիական խաղերու կոմիտէի պատգամաւորներուն, հուսկ ժամը 12,30-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց` Առողջապահական Խնամատարներու Քահանայապետական խորհուրդի 28-րդ միջազգային խորհրդաժողովի մանսակիցներուն։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ` 21 - 23 նոյեմբեր, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ, որպէս նիւթ ունենալով` ''Եկեղեցին ի սպաս տարեց հիւանդին. վատասերած ջղային հիւանդութենէ տառապող անձերու դարմանումը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, Հաւատոյ Տարուայ փակման արարողութիւններու ծիրէն ներս, Վատիկանեան Պազիլիքայի մէջ, կը հանդիպի ''Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի պատրաստուող աւելի քան 500 թեկնածուներուն ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաներուն եւ կրօնուսոյցներուն։

Գլեմնեդինա Սրահին մէջ` Առողջապահական Խնամատարներու Քահանայապետական խորհուրդի 28-րդ միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին մէջ` անդրադրաձաւ տարեցներուն մասին` որպէս Եկեղեցւոյ դերակատարներ։

Անոնք - ըսաւ Քահանայապետը - ունին կեանքի իմաստութիւնը` զայն հաղորդելու համար ուրիշներուն եւ լիարժէք իրաւունքով կը մասնակցին Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ տարեցներու վերապահուած օգնութիւններու ու ծառայութիւններուն անհրաժեշտութեան, յարգելով անոնց ինքնութիւնն ու արժանաւորութիւնը։ Այս առընչութեամբ, Քահանայապետը ընդգծեց հոգեւոր եւ կրօնական տեսակէտը եւ հովուական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը, տարեցներուն հոգեւոր կեանքի ուղեւորութեան ընկերանալու նպատակով։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց տարեցներուն ուղղած յատուկ ողջոյնով մը` ''Դուք ամէն օր կրնաք ապրիլ որպէս Տիրոջ վկաները, ձեր ընտանիքներուն մէջ, ձեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ եւ ձեր շրաջանակին մէջ, ուրիշներուն ծանօթացնելով Քրիստոսն ու Անոր Աւետարանը, յատկապէս երիտասարդներուն։
Ձեզի կը յանձնեմ Աստուածամօր Հովանիին եւ շնորհակալ եմ ձեր աղօթքներուն համար - ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.